(Ռ.Վ. 16 հոկտեմբեր 2014) Իտալական եպիսկոպոսական դասի մէկ պատուիրակութիւնը
Իրաք այցելած է 13-16 Հոկտեմբեր 2014, հանդիպում ունենալու Քրիստոնեայ ու Եզիտի փախստականներուն
հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունենալու երկրի իշխանութիւններուն ու տեղական Քարիթասի պատասխանատուներուն
հետ։ Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոն` ընդհանուր քարտուղարը
Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ու իտալական Քարիթասի տնօրէնը։